2011-10-19 12:22:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը`
Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 19 հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10.30 Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն։
Յետ միջօրէի ժամը 17.30 Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարեց "Domus Australia" կոչուած Աւստրալիացի ուխտաւորներուն բարձրացած Հռոմի կեդրոնը, ընդառաջելով Սիտնէյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ժորժ Բէլի խնդրանքին։ Նշենք որ այս օրերուն Աւստրալիոյ եպիսկոպոսները Հռոմ կը գտնուին կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Հրապարակային ունկնդրութան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շարունակելով Սաղմոսներու մասին իր խորհրդածութիւնը, անդրադարձաւ 136 սաղմոսին որ եբրայական աւանդութեան մէջ կոչուած է Մեծ Հալէլ եւ կը վայելէ յատուկ նախընտրանք իբրեւ գոհաբանութեան լիթանիա։ Այս Սաղմոսը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - իր մէջ կը ներփակէ Հին Կտակարանի Փրկչագործութեան համայն պատմութիւնը։ Այս գոհաբանական օրհներգը կը բացայատէ Տիրոջ Սէրը հանդէպ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին։ Աւանդութեան համաձայմ այս սաղմոսը կ՛երգեցուեր հրեաներու զատկուայ ընթրիքի ընթացքին եւ հաւանաբար Յիսուս ու անոր աշակերտները նաեւ աղօթեցին զայն վերջին ընթրիքի ատեն։ Սաղմոսի մէջ կրկնուած է <<յաւիտենական է սէրն անոր>> նախադասութիւնը, որ կը համապատասխանէ Աստուծոյ միջամտութեան իր ժողովուրդին ի սպաս։ Գոհաբանութեան առջնահերթ պատճարը Աստուծոյ անհուն Սէրն է։ Ստեղծագործութենէն ի վեր Աստուած կը յայտնուի որպէս սէր եւ անձնուիրում։ Եգիպտոսէն հանել տալէ ետք իսրայելցիները սաղմոսերգուն կը նկարագրէ դէպի ազատութիւն տանող երկար ու դժուար ճանապարհը` անապատին մէջ, ուր Իսրայել սորվեցաւ ապրիլ հաւատքը ու հնազանդիլ Աստուծոյ օրէնքներուն։
Բարի հովիւ մը լի գուրգուրանքով` Տէրը կ'առաջնորդէ իր ժողովուրդը դէպի աւետեաց երկիր։ Իսրայելի ու մարդկութեան փրկութիւնը կապուած է Աստուծոյ հաւատարմութեան որով մարդս յաճախ կը մոռնայ զԱստուած մինջ Ան միշտ հաւատարիմ է մարդուն։ Խոր ուրախութեան գոհունակութիւն մատուցենք Արարչին` Փրկիչ ու Հայր, որ մեզի տուաւ իր միածին Որդին որպեսզի բոլոր անոնք որ իրեն հաւատան չկորսուին եւ արժանանան յաւիտենական կեանքին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ գտնուղ հաւատացեալները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն` նորապսակեալներու եւ երիտասարդներուն զիրենք քաջալերելով ` Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչի բարեխօսութեամբ` Աստուծոյ միութեան մէջ փնտռելու չարչարանքերու սփոփանք` լիութեամբ ապրելու Սուրբ Պսակի խորհուրդը` ու համոզումով ընդառաջելու Աստուծոյ փրկարար խօսքին ու զայն վկայելու իրենց շրջանակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.